2015-05-08 11:30:00

Աղերս Ս. Վարդարանի Տիրամօր` աշխարհի խաղաղութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Մայիս ամիսը` Ս. Աստուածածնայ նուիրուած ամիս է որուն ընթացքին  հազարաւոր հաւատացեալներ ամէն օր կ՛ուղղուին Փոմփէի Սրբավայր իրենց աղերսը բարձրացնելու Ս. Վարդարանի Տիրամօր։

Ուրբաթ` 8 Մայիսի առաւօտուն, կարդինալ Պենիամինօ Սթելլա` կառավարիչը կղերի ժողովին, պատարագ մատուցեց եւ ապա դորիական աղերս մը ուղղեց Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին որպէս զի մարդոց  սրտին  մէջ ու աշխարհի մէջ  հաստատէ խաղաղութիւնը։։

Այս առթիւ  Փոմփէիի սրբավայրին առաքելական փոխանորդը գերապայծառ Գափութօ Ռատիովատիկանին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին նշեց. ''Մեր աղօթքը մասնաւորապէս  ուղղուած ի նպաստ անոնց` որոնք թիրախ են զինեալ ընդհարումի, հալածուած քրիստոնեաներուն, հիւանդներուն, եւ տառապողներուն համար։ Նոյնպէս կ'աղօթենք Սրբազան Քահանայապետին ու Եկեղեցւոյ համար, որպէսզի հեզութեամբ հետեւինք Ս. Հոգիի ներգործութեան ու արիութեամբ վկայութիւն տանք Աւետարանին''

Ո՞րն է Փոմփէի Տիրամօր պատգամը ուղղուած աշխարհի չորս ծագերուն, հարցումին­­, գերապայծառ Գաբութօն ըսաւ. ''պատգամը, որ 130 տարիէ կ'ուղղուի համայն աշխարհին, ծնունդ առաւ ս. Վարդարանի աղօթքէն։ Արդարեւ ''Ողջոյն քեզ Մարիամ''ը  քրիստոսաբանական ուղեցոյց մըն է։ Յառաջիկայ 8 Դեկտեմբերին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը սկիզբ պիտի տայ Ողորմութեան բացառիկ Յոբելեանին։ Մենք եւս պիտի բանանք սուրբ Դուռը յատուկ օրակարգով մը լաւագոյնս ընդունելու ուխտաւորները։ Եկեղեցին արձագանգն է Աստուծոյ խօսքին, որ է ըսել ներում, եղբայր օգնութիւն եւ սէր։ Քահանայապետը կղերին կը յիշեցնէ, որ յոգնելու չենք ողորմութիւն տալէ, սփոփելու մարդիկը ու արձակում տալու մեղաւորներուն։ Մեր հայեացքը Տիրամօր ուղղելով ու անոր կեանքը դիտելով իրապէս կարող ենք ըմբռնել նշանակութիւնը ողորմութեան ու մեր կարգին սիրել զԱստուած ու մերձաւորը - ըսաւ գերապայծառ Գափութօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.